Jbeed.com is a daily updated Armenian jokes,Armenian comics and entertainment site in Armenian letters, you will also find flash based games in Armenian.
If you want but are not able to see Armenian letters, please follow this link.
Բարի եկաք ի ժպիտ
Կ՛ըսուի թէ, ժպտուն դէմքը կը գործածէ միայն վեց մկան մինչ խոժոռ դէմքը՝ քսան եւ վեց, ուրեմն ժպտալը աւելի հանգիստ գործողութիւն մը ըլլալով, ժպտանք:
Որպէսզի վերոյիշեալ գիտելիքը փաստենք, դիմեցինք գեղեցկագէտ վիրաբոյժ բժիշկի մը, որ երկար բացատրութիւն մը տալէ ետք եզրակացուց թէ, ժպիտը կ՛աշխատցնէ տասներկու մկան իսկ խոժորումը՝ տասնըմէկ:
Ուրեմն մոռնանք հանգիստ ըլլալու համար ժպտալը, եւ ժպտանք որովհետեւ հանգիստ ենք:
Այս բոլորէն աւելի կարեւորը այդ է որ, ժպտանք Հայերէնով:
Նոր Ժպիտներ
2 սէնթ
Երկու հաւ շուկայ կ'իջնեն: Մէկը կ'ըսէ «Կը տեսնե՞ս աս հաւկիթները, ե՛ս ածած եմ, հատը 10 սէնթի կը ծախուին»:
Միւսը կ'ըսէ «Դուն ալ կը տեսնե՞ս աս հաւկիթները, քուկիններէդ աւելի՛ մեծ են, ասոնք ալ ե՛ս ածած եմ եւ հատը 12 սէնթի կը ծախուին»
Առաջինը կ'ըսէ «է ես 2 սէնթի համար ոռս չեմ պատռեր»
Շնորհակալութիւն parso
Կնոջ մը աղօթքը
Տէր իմ,
Ինծի տուր իմաստութիւն որպէսզի համբերեմ ամուսնոյս արարքներուն,
Ինծի տուր սէր որպէսզի ներեմ իրեն,
Ինծի տուր համբերութիւն որպէսզի հասկնամ իրեն,
պիտի չի խնդրեմ ոյժ Տէր իմ, քանի որ եթէ ոյժ տաս ծեծի տակ կը սպաննեմ զինք,
ամէն: